Լիբանանի Ցոյցերուն 27րդ Օրը Ցուցարար Մը Սպաննուեցաւ   

By Asbarez | Thursday, 14 November 2019

1114leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի ժողովրդային շարժումի ցոյցերը 27րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան 12 Նոյեմբերին, երբ ցուցարարներու շարքերէն արձանագրուեցաւ զոհ մը։ Բողոքի ցոյցին Երեքշաբթի օրուան հիմնական կեդրոնը ընտրուած էր Պէյրութի Արդարութեան պալատը, որուն դիմաց ցուցարարները վրաններ լարեցին եւ յայտարարեցին, որ որոշած են մնալ հոն: Առաւօտեան, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող երիտասարդներ պարբերաբար փակեցին Պէյրութի շրջանի եւ անոր կարգ մը արուարձաններուն ճամբաները։ Երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, նախագահ Միշէլ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հակադրուած քաղաքական ընկերութիւն մը կայ, եւ կարելի չէ մթնոլորտը աւելի եւս բարդացնել, այլ պէտք է ստեղծել ներդաշնակ մթնոլորտ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ գործադրել ժողովուրդին պահանջները գոհացնող ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պայքարիլ զեղծարարութեան դէմ:

«Ցուցարարներուն երեք անգամ կոչ ուղղեցի հրապարակները միասնականացնելու եւ միասնաբար գործելու, որպէսզի բարեկարգումները գործադրուին, սակայն անոնք չօժանդակեցին ինծի», ըսաւ ան՝ ազդարարելով, որ ժխտական վարուելակերպը փոխադարձ ժխտական վարուելակերպ պիտի ստեղծէ եւ անխուսափելիօրէն կրնայ հասցնել լիբանանցիներու միջեւ բախումի:

Ան նշեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին վարչապետի պաշտօնը վերստանձնելու վերաբերեալ պատասխան չէ տուած եւ լիբանանցիներուն ըսաւ. «Մի՛ փութաք դէպի դրամատուներ՝ ձեր պահ դրուած գումարները ստանալու համար, որովհետեւ անոնք ամբողջութեամբ երաշխաւորուած են»:

Նախագահ Աունի հարցազրոյցէն ետք ցոյցերը թէժացան եւ ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին բազմաթիւ կամուրջներ եւ մայրուղիները, իսկ Խալտէի մէջ, ցուցարարներուն մէջ գտնուող Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան Շուէյֆեթի ընդհանուր քարտուղար Ալա Ապու Ֆախըր վիրաւորուեցաւ եւ ապա մահացաւ:

comments

Advertisement