Լաւրով Կը Քննադատէ Սուրիոյ Հարցով Թուրքիոյ Կեցուածքը

By Asbarez | Thursday, 06 February 2020

0206LavrovԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա չի կատարեր Սուրիոյ հարցով իր վրայ դրուած շարք մը պարտաւորութիւններ: «Դժբախտաբար, Թուրքիա ցարդ չկրցաւ կատարել քանի մը սկզբունքային պարտաւորութիւններ, որոնք կրնային արմատապէս կարգաւորել Իտլիպի հարցը», յստակացուց Լաւրով՝ հակադարձելով Անգարայի վերջին քննադատութիւններուն:

Լաւրով յիշեցուց, որ հակառակ տրուած խոստումներուն, Անգարա չէ յաջողած Սուրիոյ ընդդիմութիւնը մաքրագործել «Թահրիր Շամ» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներէն:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան 5 Փետրուարին մէկ ամիս ժամանակ տուաւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որ կառավարական ուժերը հեռացնէ Իտլիպ նահանգին մէջ գտնուող թրքական դիրքերէն, սպառնալով այլապէս յարձակիլ անոնց վրայ։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա «աւելի լաւ հասկանայ» Սուրիոյ մէջ Անգարայի մտահոգութիւնները:

Աւելի կանուխ, Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ մտահոգութիւն յայտնելով Սուրիոյ բանակին կողմէ թուրք զինուորներու վրայ յարձակումին վերաբերեալ: Իր կարգին, Փութին մտահոգութիւն յայտնեց Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներու գործունէութեան աշխուժութեան աճին վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ համաձայնութեամբ, Թուրքիոյ իրաւասութիւն տրուած էր Իտլիպի մէջ 12 ռազմական դիրքեր հաստատել, պայմանաւ, որ շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումները չէզոքացնէ։

Վերջապէս, Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ վերջին քանի մը օրերուն Իտլիպի մէջ սաստկացած զինեալ բախումներուն հետեւանքով, մօտաւորապէս 40,000 քաղաքայիններ եւս տեղահանուած են եւ անոնց մէկ կարեւոր մասը ապաստանած է Թուրքիոյ սահմանին մօտերը կառուցուած ճամբարներու մէջ:

comments

Advertisement