Էրտողան Պիտի Փոխանցէ Ղարաբաղի Հարցի Հետ Պայմանաւորելու Կեցուածքը

By Asbarez | Monday, 07 December 2009

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>>.- Թրքական <<Անատոլու>> հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, վարչապետ Ռեջեպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ <<Մենք ի սկզբանէ յայտնած ենք ամերիկացի ներկայացուցիչներուն, որ եթէ կարգաւորէք Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՝ կը լուծէք հայ-թրքական հիմնախնդիրը: Հակառակ պարագային դուք այդ խնդիրը չէք լուծեր>>:

Ուաշինկթըն կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան նախօրէին կատարած այս հարցազրոյցի ընթացքին, Էրտողան յայտարարած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր հանդիպման ընթացքին պիտի արծարծէ Ղարաբաղի հարցը, պահանջելով, որ Միացեալ Նահանագները իր կարելին ընէ արագացնելու անոր լուծումը, <<որովհետեւ հայ-թրքական հարցը կապուած է Ղարաբաղեան հիմնախնդրի հետ: Ես այդ մասին ուղիղ ըսած եմ Պարաք Օպամային եւ Տմիթրի Մետվետեւին, եւ անոնք պատասխանած են, որ պիտի արագացնեն այդ գործընթացը>>:

Ըստ Էրտողանի, եթէ <<Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի նախագահները կամք ցուցաբերեն, եւ Ալիեւ-Սարգսեան բանակցութիւններու ժամանակ առաջընթաց արձանագրուի, ապա դրական արդիւնքը հնարաւոր է, իսկ երբ կարգաւորուի Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, հայ-թրքականն ալ կը գտնէ իր լուծումը>>:

Միւս կողմէ, նախագահ Պարաք Օպամա, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին կողմէ իրեն ուղղուած նամակի մը պատասխանելով, շեշտած է, որ <<Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ընթանայ առանց նախապայմաններու եւ խելամիտ ժամկէտի մէջ>>: Նախագահ Օպամա աւելցուցած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն ինք պիտի շարունակէ եռանդուն կերպով աջակցիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն:

Հայկական Համագումարի նամակը, որ նախագահ Օպամային յղուած էր այս տարուան Սեպտեմբեր 3ին, մտահոգութիւն կը յայտնէր, որ Թուրքիա հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պէտք չէ պայմանաւորէ ղարաբաղեան հարցով ու այդ ճամբով ձգձգէ գործընթացը, որպէսզի զայն օգտագործէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի աշխատանքները խոչընդոտելու իր նպատակին:

Իր պատասխանին մէջ, Օպամա կրկին խուսափած է <<Ցեղասպանութիւն>> բառը գործածելէ. փոխարէնը զայն կոչած է <<20րդ դարու մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը>>:

Նախագահ Օպամա, այսու հանդերձ գրած է, որ անցեալի իր արտայայտած կարծիքները կը մնան ուժի մէջ: Նախագահ Օպաման նաեւ նշած է, թէ կը հաւատայ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդները պէտք է ճանչնան անցեալի իրադարձութիւնները, որպէսզի յառաջ շարժելու անոնց ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին:

comments

Advertisement