Էրտողան Իրականութենէն Կտրուած Է. Դամասկոս

By Asbarez | Friday, 14 February 2020

0214Syr FM

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հակադարձելով Սուրիոյ պետական զինուորական ուժերուն դէմ ռազմական յաւելեալ գործողութիւններու դիմելու՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնական յայտարարութիւններուն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Թրքական վարչակազմի պարագլուխին կատարած սին յայտարարութիւնները միայն իրականութենէն կտրուած մարդը կրնայ կատարել»:

Նշենք, որ Էրտողան յայտարարած էր հետեւեալը. «Իտլիպի մէջ սուրիական վարչակարգին յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած թրքական բանակի կորուստներուն թիւը հասաւ 14 զոհերու եւ 45 վիրաւորներու: (Սուրիոյ) Վարչակարգը, ինչպէս նաեւ անոր հետ գործող ռուսական ուժերը եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալները Իտլիպի մէջ շարունակ յարձակում կը գործեն քաղաքայիններու վրայ, ջարդեր կը կատարեն ու արիւնահեղութիւն կը պատճառեն, եւ եթէ նոյնիսկ բոլորը իրենց աչքերը փակեն, կռնակ դարձնեն եւ իրենց խիղճը սառեցնեն՝ Թուրքիան դիտողի դիրքի վրայ պիտի չմնայ»՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա «ամէնուրեք պիտի հարուածէ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն։ Եթէ թրքական արիւն հեղուի, մեր պատասխանը տասնապատիկը պիտի ըլլայ»։

comments

Advertisement