Ղարաբաղը Նաեւ Թուրքիոյ Խնդիրն Է. Էրտողան

By Asbarez | Wednesday, 26 February 2020

0226erdo ali

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 25 Փետրուարին, Ատրպէյճան ժամանած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Ղարաբաղը նոյն աստիճանով նաեւ մեր խնդիրն է, որքան Ատրպէյճանի համար։ Մենք շատ կը փափաքինք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծել Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ»։

Մամլոյ ասուլիսէն առաջ, երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան բարձր մակարդակի խորհուրդի հերթական նիստին բացման ընթացքին, Էրտողան անդրադարձաւ Արցախի հիմնահարցին՝ ըսելով, որ կը փափաքի Թուրքիոյ ստորագրութիւնը դնել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան տակ, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»:

Նշեալ ժողովին նպատակն է սերտացնել տարբեր բնագաւառներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները՝ շեշտը դնելով տնտեսական համագործակցութեան խորացման վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկկողմանի առեւտուրը հասցնել 15 միլիառ տոլարի, ներկայիս 2 միլիառ տոլարին փոխարէն:

comments

Advertisement