Առնուազն Երեք Թուրք Զինուորներ Սպաննուեցան Փութին-Էրտողան Հանդիպման Նախօրեակին

By Asbarez | Thursday, 05 March 2020

ՏՈՀԱՆ, «Ճազիրա».- Չորեքշաբթի, 4 Մարտին, Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ երկու թուրք զինուորներ եւս սպաննուեցան Սուրիոյ բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ զինեալ ընդհարումներուն ընթացքին։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ Իտլիպ նահանգին մէջ թրքական ուժերու դիրքերուն դէմ սուրիական բանակին կատարած ռմբակոծումին պատճառով սպաննուեցաւ թուրք զինուոր մը, 59ի հասցնելով Իտլիպի մէջ այս տարուան ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներուն թիւը։

Միւս կողմէ, Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, 5 Մարտին, Ռուսիոյ մէջ պիտի քննարկեն Սուրիոյ տագնապը՝ նկատի ունենալով Իտլիպի մէջ կացութեան սրումը:

Զինուորական գետնի վրայ, Սուրիոյ բանակը եւ անոր դաշնակից ուժերը վերստին ազատագրեցին Սարաքեպի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Տատիխ եւ Քաֆարպաթիխ գիւղերը: Սուրիական օդուժը նաեւ ռմբակոծեց Իտլիպի հիւսիսը գտնուող Ֆուղա գիւղին մէջ տեղակայուած դիրքերը զինեալներուն, որոնք հաւաքուած էին՝ մեկնելու ճակատ: Սուրիական բանակը նաեւ յառաջդիմեց Սարաքեպի հիւսիսը գտնուող Աֆես-Նայրապ ճակատին վրայ, ինչ որ անոր ուժերը մօտեցուց Թաֆթանազ զինուորական օդակայանին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւն պիտի չտրամադրէ: «Ալմաստարնիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի ղեկավարը Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգները 33 թուրք զինուորներու սպանութենէն ետք կը ձգտի Թուրքիոյ յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել:

Իր կարգին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկեց Սուրիոյ հարցով յաջորդ վեհաժողովը կատարել Իրանի մէջ:

Քրեմլինը յայտարարեց, որ Փութինի, Էրտողանի եւ Ռոհանիի միջեւ ժողովը օրակարգի վրայ է եւ պիտի գումարուի, երբ նախագահներուն ժամանակացոյցը համակարգուի:

«Փութին Ուրբաթ օրը, Էրտողանի, (Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ) Մաքրոնի եւ (Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա) Մերքելի հետ Իտլիպի հարցով ժողով մը գումարել չի ծրագրեր», յայտնեց Քրեմլինը՝ հերքելով նման հանդիպման մը մասին շրջող տեղեկութիւնները:

Սուրիացի գաղթականներու արտահոսքին հարցով, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ մարդասիրական տագնապին վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու հրապարակած տեղեկութիւնները սխալ են: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ մինչեւ օրս Սուրիայէն Թուրքիա մուտք գործածներուն թիւը առաւելագոյնը 35,000 է՝ աւելցնելով. «Թուրքիա սկսած է թիւրքմեններ բնակեցնել այն շրջաններուն մէջ, ուրկէ վտարեց քիւրտերը»:

comments

Advertisement