«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը 2012ին Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Օրակարգին Վրայ Գերակշիռ Պիտի Ըլլայ», Կ՛ըսէ Պիրանտ

By Asbarez | Tuesday, 03 January 2012

ՊՈԼԻՍ.-  Թուրք յայտնի հրապարակախօս եւ վերլուծաբան Մեհմեթ Ալի Պիրանտ թրքական «Հիւրրիյէթ»օրաթերթին մէջ ներկայացնելով Թուրքիոյ յառաջիկայ քաղաքական հոլովոյթներու վերաբերեալ իր նախատեսութիւնները՝ կը գրէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Կիպրոսի հարցը 2012ին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ գերակշիռ պիտի ըլլան։

«Հայերը այդ հարցին առնչութեամբ բաւական յաջող յառաջ կ՛ընթանան։ Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի հետեւի խորհրդարանի քայլերուն եւ որդեգրէ (Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող) օրինագիծը», կ՛ըսէ Պիրանտ եւ կ՛աւելցնէ. «Մինչեւ 2015 այդ հարցը այլ երկիրներու մէջ եւս աջակցութիւն պիտի ստանայ»։

Անրդադառնալով կիպրական հարցին՝ թուրք հրապարակախօսը կը նշէ, որ ո՛չ թուրքերը, ո՛չ ալ կիպրացի յոյները պատրաստ են համարձակ քայլերու ձեռնարկելու՝ հարցի հանգուցալուծման հասնելու համար:

Ան կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ «վերադիրքաւորուիլ», եւ ամենայն հաւանականութեամբ, հանդէս պիտի գայ ոչ թէ օրինակելիի կամ ղեկավարի դերի մէջ, այլ նաեւ՝ «սեփական փորձառութեամբ կիսուող ընկերոջ» կարգավիճակին մէջ։

comments