Կիւլենական Հիմնարկ Մը Ցեղասպանութիւնը Կը Ճանչնայ

By Asbarez | Thursday, 12 March 2020

 

mosaic-702x336

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Բազմամշակութային խճանկար հիմնարկը (Multicultural Mosaic Foundation (MMF)) 8 Մարտին տարածեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութիւն մը:

1997ին հիմնուած հիմնարկը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը տարբեր ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու փոխըմբռնումը, երկխօսութիւնը եւ խաղաղութեան տարածումն է, սերտօրէն կապ ունի թուրք այլախոհ կրօնական առաջնորդ, քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենին, որ այժմ կը բնակի Փենսիլվանիա նահանգը:

«Հիմնարկը երեք տարի առաջ կազմած է յատուկ մարմին մը՝ պարզելու, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն 1915ին: Այդ մարմինին անդամները երեք տարուան ընթացքին մասնակցած են հայկական, օսմանեան եւ ցեղասպանութիւններու պատմութեան նուիրուած քննարկումներուն, հանդիպած են Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն, անոնց ժառանգներուն եւ այոց հետ: Այնուհետեւ, մարմինը որոշած է քուէարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն ի նպաստ:

«Մարմինին 20 անդամները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ որոշումը ներկայացուեցաւ ղեկավար խորհուրդին՝ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ: Հիմնարկին ղեկավարութիւնը հետեւեցաւ այդ խորհուրդին եւ 7 Մարտին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ.

comments

Advertisement