Փաշինեան Հաստատեց, Որ Հայաստանի Եւ Իրանի Յարաբերութիւնները Աշխոյժ Կերպով Կը Զարգանան

By Asbarez | Friday, 08 May 2020

0508pashinian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները աշխոյժ կերպով կը զարգանան։ Այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեան՝ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն վերաբերեալ տարեկան զեկոյցի ներկայացման աւարտին՝ պատգամաւորներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին:

Փաշինեան, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակին՝ ըսաւ. «Ես օրերս եմ հեռախօսազրոյց ունեցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի հետ. մեր երկու երկրներն ունեն շատ լաւ յարաբերութիւններ, դրանք դինամիկ (կենսունակ-Խմբ.) զարգանում են»:

comments

Advertisement