Ալիեւ Խստօրէն Քննադատեց Մամետեարովը

By Asbarez | Thursday, 16 July 2020

121100023629

ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դժգոհութիւն յայտնած է իր արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախարար Էլմար Մամետեարովի աշխատանքէն։ «Կը կարծեմ, թէ մեր դիւանագիտութիւնը կրնար աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ։ Ես բազմիցս նշած եմ, որ մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ յարձակողական, եւ ոչ թէ կրաւորական, պաշտպանողական։ Պէտք չէ ըլլայ դիւանագիտութիւն, որ կը վախնայ արտայայտուելէ, որպէսզի բաւարարէ ոեւէ մէկը», ըսած է Ալիեւ Ատրպէյճանի նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ։

«Հակառակ իմ յանձնարարականներուս՝ ես նախարարէն արդիւնք չտեսայ։ Դժբախտաբար, վերջերս մեր դիւանագիտութիւնը համատեղելի չէ մեր երկիրի զարգացման յաջողութեան, որոշ պարագաներու անիկա զբաղած է անմիտ աշխատանքով, անմիտ բանակցութիւններով։ Ի՞նչ բանակցութիւններ կրնան ըլլալ թշնամիին հետ «Քորոնա» ժահրի հարցով։ Այդ անհեթեթ է։ Ի՞նչ է, մենք Հայաստանի հետ համագործակցութեա՞ն սկսած ենք», հարց տուած է Ալիեւ։

Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին՝ «ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»։ «Ես կը պատասխանեմ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ յայտարարութեան որեւէ ձեւով արձագանգա՞ծ է, թէ՝ ոչ։ Ես չեմ լսած, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի ժողովուրդը։ Ո՞վ պէտք է այդ բանը ընէ առաջին հերթին։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը լռէ», ըսած է Ալիեւ՝ խիստ քննադատութեան ենթարկելով Մամետեարովը։

Ատրպէյճանի նախագահը աւելցուցած է, որ Մամետեարով որեւէ կերպով չէ արձագանգած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ 12 Յուլիսին սկսած իրադարձութիւններուն։

«Ի՞նչով զբաղած էր արտաքին գործոց նախարարը։ Ան ո՞ւր եղած է։ 12 Յուլիսիի իրադարձութիւններէն ետք մենք աշխատանքի վրայ ենք։ Վարչապետը աշխատանքի է, ես աշխատանքի եմ՝ մինչեւ առաւօտ։ Պաշտպանութեան նախարարը, սպայակոյտի պետը, ներքին գործոց նախարարը, հետախուզութեան պետը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը մինչեւ առաւօտ կ՛աշխատին։ Ես չկրցայ գտնել արտաքին գործոց նախարարը։ Ես Ալի Ասատովին (վարչապետ) հարցուցի՝ ո՞ւր է ան։ Ան քեզի ի՞նչ ըսած է։ Ըսէ՛», դիմելով Ասատովին՝հարցուցած է Ալիեւ։

Ասատով պատասխանած է։ «Ան (Մամետարով) ըսաւ, որ տունէն կ՛աշխատի։ Ես անոր հեռաձայնեցի, եւ նշեցի. ըսէ՛ ինծի, թէ ժամերով ո՞ւր եղած ես։ Ան դարձեալ ըսաւ, թէ տունէն աշխատած է, որ ցերեկը ժամը երեքին լսած է այդ մասին (Հայաստանի հետ սահմանի իրադարձութիւններուն)։ Ապա ան ըսաւ, որ երեկոյեան ժամը 6-7ի շուրջ հեռաձայնով խօսած է Հիլմեթ Հաճիեւի հետ (նախագահի օգնական)։ Ես անոր տուած եմ յանձնարարականներ, որոնք դուք անոր տուած էք, եւ ըսած, որ այդպէս կարելի չէ, մենք բոլորս աշխատանքի վայր կը գտնուինք։ Հոլովոյթները կը ղեկավարուին պարոն նախագահին կողմէն։ Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, դուք պէտք է ընէք այն յանձնարարականները, զորս նախագահը տուած է։ Ես հարցուցի, թէ ինչո՞ւ դուք տունէն կ՛աշխատիք։ Դուք պէտք է աշխատանքի գաք։ Խնդիրը այդպէս դրուած է։ Ատկէ ետք իրադարձութիւնները յայտնի են», ըսած է Ասատով։

 

comments

Advertisement