Փութին Էրտողանի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Շեշտեց Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութեան Սրումէ Խուսափելու Կարեւորութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 28 July 2020

0728P-E

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Անդրկովկասի իրավիճակը` հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրադրութեան սրման պարունակին մէջ:

Ըստ «Արմենփրէս»ի՝ այս մասին հաղոռդագրութեան մը միջոցաւ յայտնած են Քրեմլինի մամլոյ ծառայութենէն։

Կը նշուի, որ հեռաձայնային կապը հաստատուեցաւ թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանային կացութեան անդրադառնալով՝ Վ. Փութին ընդգծեց լարուածութեան սրման տուն տուող որեւէ գործողութեան թոյլ չտալու կարեւորութիւնը:

«Կողմերը տագնապային իրավիճակը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու շահագրգռուածութիւն յայտնեցին: Անոնք պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին համակարգելու ջանքերը՝ շրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման նպատակով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահները ընգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական-դիւանագիտական լուծումը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ժողովուրդներու շահերուն վրայ, այլընտրանք չունի:

comments

Advertisement