By Yerakouyn | Wednesday, 12 August 2020
Պատերազմական վիճակը պայմանականօրէն յաղթահարած սուրիահայութիւնը կը գտնուի անելանելի վիճակի մէջ։ Ռումբերու ձայնին եկած է փոխարինելու երկրի եւ հայկական համայնքի մէջ տարածուած համաճարակը, որ ամէն օր ռումբին համազօր մահուան գոյժ մը կը յայտարարէ։
Ինչո՞ւ վարակը արագ կը տարածուի եւ անխնայ կեանքեր կը խլէ։
Պատերազմին պատճառած տնտեսական ճգնաժամը կը շարունակէ իր աւերները գործել. նիւթական ծանր վիճակի մէջ ապրող համայնքի զաւակներուն համար, դիմադրողականութիւնը բարձրացնող լաւ սնունդը հասանելի չէ:
Պատերազմի պատճառած հոգեբանական ծանր վիճակը նոյնպէս դիմադրողականութիւնը բարձր պահելու թշնամին է։
Շրջափակման պատճառով դեղորայքի պակասն ու բժշկական օգնութեան այլ միջոցները խիստ անբաւարար են։
Նոյնիսկ չկան անհրաժեշտ C եւ D կենսանիւթերը, ինչպէս նաեւ Paracetamol դեղը, հիւանդանոցները խճողուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ են։
«Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեց,- «Տեղի առողջապահական համակարգը անզօր է նոյնիսկ դեղորայք ապահովելու հարցով։ Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումը եւ արեւմուտքի կողմէ պարտադրուած անմարդկային պատիժները չեղարկելու մարդկային ձայներ պէտք է հնչեն»։
Այս բոլորին հետ մէկ տեղ, ԵՌԱԳՈՅՆ-ին այլլ աղբիւրներէ յայտնի է, որ կայ նաեւ համատարած անլրջութիւն այս հիւանդութիւնը կանխարգիլելու։ Համայնքը կը շարունակէ առանց դիմակ կրելու շրջիլ բազմամարդ վայրերու մէջ եւ կազմակերպել հաւաքներ՝ չյարգելով կանխարգիլման կանոնները։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կոչ կ’ուղղէ համապատասխան բոլոր մարմիններուն, կառոյցներուն եւ պատասխանատուներուն՝ աջակցութեան ձեռք մեկնելու Սուրիահայութեան, իսկ Սուրիահայութեան կը խնդրէ ըլլալ աւելի աչալուրջ՝ հնարաւորինս տուն մնալ եւ յարգել կանխարգիլման համար խիստ անհրաժեշտ բոլոր կանոնները։
Բարեբախտաբար միութենական ձեռնարկներն ու ժողովները կասեցուած են։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ