By Armenian Revolutionary Federation | Wednesday, 12 August 2020
Դաշնակից ու յաղթական մեծ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին, տեղ գրաւած էին փոքր դաշնակիցներուն պատուիրակները, որոնց կարգին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի: Փոքր դաշնակիցներն ալ յաղթական էին. Հայաստան այս անգամ «հերիսայի կաթսայ»ին մօտեցած էր Սարդարապատի եւ ուղեկից ճակատամարտերուն մէջ կռանած «երկաթեայ շերեփ»ով…
Յաղթականներուն դիմաց, իբրեւ ամբաստանեալ նստած էին պարտեալ Օսմանական Թուրքիոյ պատուիրակները` Ռիզա Թեֆիք Պօլիւքպաշի, Մեհմետ Հատի փաշա, Տամաթ Ֆերիտ փաշա, իրենց կողքին ունենալով Ֆրանսայի մէջ դեսպանը Ռեշատ Խալիսը:
Թրքական բանակը չարաչար պարտուած էր «արեւելեան» բոլոր ճակատներուն վրայ. իր հոգեվարքը կնքող Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչները եկած էին անձնատուր ըլլալու եւ… դիւրացնելու ջարդարար ղեկավարներու գլխիկոր փախուստը:
Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող մեծ ու փոքր պետութիւնները, որոնց կարգին՝ ԹՈՒՐՔԻԱ,
ի շարս այլ յօդուածներու՝ 89-րդ յօդուածը ստորագրելով, պաշտօնապէս եւ հանգամանօրէն ճանչցան ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի իրաւունքները, որոնք հետագային պիտի ընդգրկէին Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի նահանգները, իբրեւ արդիւնք ամերիկեան արդար որոշումի մը:
Այո՛… Սեւրի մէջ, միջազգային յանձնառութեամբ ստորագրուած դաշնագրին արդիւնքն էր Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի քարտէսը՝ «Ուիլսընեան սահմաններ»-ը:
Դաշնագրի ստորագրումէն երեքուկէս ամիս ետք, Նոյեմբեր 1920-ին, նախագահ Ուիլսըն իրեն յանձնուած պարտականութիւնը բծախնդրօրէն եւ արդար դատողութեամբ կատարելով, մեծ դաշնակիցներու ժողովին ներկայացուց իր իրաւարարական վճիռը, իբրեւ անբաժանելի լրացուցիչ՝ Օգոստոս 10-ի դաշնագիրին:
Բայց… աւա՜ղ:
Ռազմաքաղաքական գետնի վրայ, դէպքերը այնքան մը սրընթաց էին, որ Ուիլսընեան վճիռէն հազիւ շաբաթ մը ետք, Հայաստան ստիպողաբար ինկաւ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ: Յաղթական դաշնակիցներու գործակցութիւնն անգամ հարցականի տակ մտաւ եւ գոնէ Հայաստանի դիտանկիւնէն, կարճ ատեն մը ետք Սեւրի դաշնագիրը կորսնցուց իր ազդեցութիւնը: Եթէ Հայաստանի խորհրդայնացումը գլխաւոր պատճառն էր Սեւրի նսեմացումին, պէտք չէ անտեսել նաեւ այն, որ Միացեալ Նահանգները ինք եւս հաւատարիմ չմնաց իր նախագահի յանձնառութեան:
Թուրքիոյ հանդէպ «գթասրտութիւն» ցուցաբերող եւ անոր հետ իրենց շահակցութիւնը գերադասող դաշնակիցները, այսինքն՝ Ա. Աշխարհամարտին Թուրքիոյ թշնամիներն ու չէզոք իրաւարարները, երեք տարի ետք Յուլիս 1923-ին, ստորագրեցին Լօզանի դաշնագիրը. Սեւրը ստորագրած՝ անկախ Հայաստանը գոյութիւն չունէր իբրեւ անկախ պետութիւն, դարձած է խորհրդային կայսրութեան մէկ արբանեակը, մասնիկը, զրկուած՝ իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքէն: Հայաստան ներկայացուցիչ չունեցաւ Լօզանի մէջ, եւ Սեւրով ամրագրուած Հայաստանն ու Հայ Դատի յաղթանակը դրուեցան մոռացութեան ծածկոյթի տակ:
Սեւրը չմեռաւ սակայն: Սեւրը ի զօրու է նաեւ այսօր:
Դաշնագրին ստորագրումէն հարիւր տարի ետք, նաեւ վաղը, Հայաստանի անկախ պետութիւնն ու ամբողջ հայութիւնը ո՛չ միայն իրաւունք ունի խօսելու Սեւրի մասին, այլ մանաւանդ հետապնդելու անոր յօդուածներուն ճերմակի վրայ սեւով արձանագրուած՝ անժամանցելի իրաւունքներուն կենսագործումը: Հայը, ի Հայաստան եւ Սփիւռքի տարածքին, յանձնառու է ու պիտի մնայ Սեւրին, ո՛չ ոք իրաւունք ունի մեզմէ խլելու անոր կենսագործման մեր իրաւունքը: Մեր ճամբան կ’երկարի նաեւ Սեւրէն անդին…
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ