Էրտողան Ազգայնամոլութեան Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Ծաւալապաշտ Քաղաքականութիւն Կը Վարէ․ Մաքրոն

By Asbarez | Monday, 24 August 2020

0824ErdoMacron

ՓԱՐԻԶ․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Փարի Մաչ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը վարէ «ազգայնամոլութեան եւ իսլամականութեան սկզբունքներու խառնուրդ եղող ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն մը, որ համահունչ չէ եւրոպական շահերուն եւ Եւրոպայի մէջ կայունութիւնը քայքայող գործօն մըն է»:

Մաքրոն նշեց, որ այդպիսի պայմաններու մէջ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է իրատես գնահատական տայ կատարուածին եւ իր շահերուն հիման վրայ քայլերու ձեռնարկէ:

«Ես մագլցումին հետ չեմ, սակայն նոյն ժամանակ, տկար դիւանագիտութեան չեմ հաւատար: Ազդանշան մը ուղարկեցինք, թէ եւրոպական միասնականութիւնը իմաստալից է», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Էրտողան ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ գրառում կատարած է Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ նոյնինքն Թուրքիոյ յառաջացուցած լարուածութեան վերաբերեալ:

«Մենք` իբրեւ ազգ, եթէ մէկ դար առաջ Սեւրը պատռած եւ մէկդի նետած ենք, այսօր ալ արեւելեան Միջերկրականին մէջ մեզի պարտադրուիլ փորձուող Սեւրին առջեւ գլուխ չենք կրնար խոնարհեցնել», գրած է Էրտողան:

Նշենք, որ Սեւրի մտատանջութեամբ տառապող Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էին Սեւրի դաշնագիրի ստորագրման 100ամեակին առիթով Հայաստանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները:

comments

Advertisement