Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Ղարաբաղի Տագնապին Իրավիճակը

By Asbarez | Sunday, 08 November 2020

1107PUTIN

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ շրջաններուն մէջ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարը:

Վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը՝ խորհրդակցութեան մասին յայտնեց երկրի ղեկավարի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:

«Շարունակուեցաւ Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի եւ լուծման ջանքերուն վերաբերեալ կարծիքներու փոխանակումը», ըսաւ Փեսքով։

comments

Advertisement