By Asbarez | Thursday, 26 November 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Գերմանիան 2 միլիոն եուրօ տրամադրեց Կարմիր խաչին` Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնելու համար: Կառավարութիւնը միաժամանակ ընդգծեց, որ միջազգային կազմակերպութիւնը պէտք է անարգել մուտքի կարելիութիւն ունենայ ռազմական գործողութիւններէն տուժած բոլոր տարածքներ` անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն աջակցելու համար:
Կարմիր խաչը միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն առաջ գրասենեակներ ունէր ո՛չ միայն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ տասնամեակներ շարունակ տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ աշխատանք կը տանի մարդասիրական խնդիրներու, որոնց կարգին անյայտ կորսուածներու յայտնաբերման եւ գերիներու փոխանակման ուղղութեամբ:
comments
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Ատրպէյճանցիները Գոհ Չեն Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Ներկայութենէն
Փութին Եւ Մաքրոն Քննեցին Արցախի Իրավիճակը
Ատրպէյճան Կը Դանդաղեցնէ Արցախ Առաքելութիւն Ուղարկելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փորձերը
Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի Երեւանին Եւս Տիրանալու Մասին
Իրան Պատրաստ Է Արցախի Պատերազմէն Քանդուած Շրջաններու Վերաշինութեան Մասնակցելու
Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Շարունակելու Իր Ջանքերը ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակին Մէջ․ Թրէյսի