Թուրքիոյ Մէջ Կ՛արգիլուի Քրտամէտ Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը

By AP | Monday, 14 December 2009

ԱՆԳԱՐԱ, <<Էյ.Փի.>>.- Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ին վճռեց փակել քրտամէտ Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութիւնը, զայն ամբաստանելով քիւրտ յեղափոխականներու հետ ապօրինի կապեր ունենալու յանցանքով: 11 դատաւորներէ բաղկացած ատեանը միաձայնութեամբ արձակած է սոյն որոշումը:

Ատեանը նաեւ որոշեց խլել կուսակցապետ Ահմէտ Թիւրքի եւ կուսակցութեան այլ անդամի մը երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան իրաւունքը եւ անոնց ու 35 այլ կուսակցականներու արգիլել, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն որեւէ քաղաքական կուսակցութեան անդամագրուին: Կուսակցութեան ստացուածքը պիտի գրաւուի իշխանութեանց կողմէ:

Քրտական եւ քաղաքական այլ կուսակցութիւններ փակելը սովորական երեւոյթ մը դարձած է <<ժողովրդավար>> նկատուող Թուրքիոյ մէջ: 1968էն ի վեր 27 քաղաքական կուսակցութիւններ ապօրինի հռչակուած են երկրին Սահմանադրական ատեանին կողմէ:

Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը <<Թուրքիան մասնատելու գործողութիւններու մասնակցելու>> յանցանքով Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը փակելու դիմում ներկայացուցած էր Նոյեմբեր 2007ին: Հոն կը պահանջուէր նաեւ կուսակցութեան 221 անդամները զրկել քաղաքական գործունէութիւն տանելու իրաւունքներէն:

Թիւրք Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի չկարենան քրտական տագնապը լուծել կուսակցութիւններ փակելով:
Յատկանշական է, որ աշխարհիկ սկզբունքներու պաշտպան ուժերու հակակշռին տակ գտնուող ատեանին այս որոշումը կը տրուի այն միջոցին, երբ իսլամական արմատներ ունեցող իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը փորձէ քրտական տագնապը լուծելու իր <<ժողովրավարական բացուածք>> կոչուած քաղաքականութիւնը առաջ մղել:

Յիշեցնենք, որ միայն չորս տարի առաջ հիմնուած Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան հաւանական փակման կապակցութեամբ մտահոգութիւն յայտնած էին Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕի շարք մը պաշտօնատարներ:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մաս կազմող Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան 21 անդամները ընտրուած էին իբրեւ անկախ թեկնածուներ, սակայն Թիւրք սպառնացած էր, որ կուսակցութիւնը փակելու որոշումի մը պարագային անոնք պիտի հրաժարին խորհրդարանէն, որու հետեւանքով խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կրնան տեղի ունենալ Թուրքիոյ մէջ:

comments

Advertisement