By Asbarez | Sunday, 27 December 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Ատրպէյճանի Ռազմավարական հետազօտութիւններու պետական կեդրոնը հարցախոյզ մը կատարած է քաղաքացիներուն մօտ շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան վերաբերեալ: Հարցախոյզին մասնակցողներուն 44,6 առ հարիւրին կարծիքով` ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ, իսկ անոնցմէ միայն 35․5 առ հարիւրը դրական կը համարէ խաղաղապահներու ներկայութիւնը:
Նախապէս Ատզրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած էին Արցախի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան դէմ: Դէմ արտայայտուած էին նոյնիսկ երկրի խորհրդարանի անդամները:
Հարցախոյզ կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի Ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնը Արցախի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու համատեղ կեանքի եւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան վերաբերեալ: Ըստ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքին՝ բնակչութեան 66․2 առ հարիւրը համզուած է, որ այդ մէկը երբեք կարելի պիտի չըլլայ, իսկ 19․4 առ հարիւրը կը կարծէ, որ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ միայն քանի մը տարի ետք:
comments
Փութին Էրտողանին Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներուն Հետ Իր Շփումներուն Արդիւնքները
Փութին Ալիեւի Հետ Քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակը
Եւրոպական Յանձնաժողովը Դատապարտում Է Ղազանչեցոց Եկեղեցու Ռմբակոծումը
Պաքու Թուրքիայէն Նոր Սպառազինութիւն Պիտի Գնէ
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Փութին Եւ Մաքրոն Քննեցին Արցախի Իրավիճակը
Ատրպէյճան Կը Դանդաղեցնէ Արցախ Առաքելութիւն Ուղարկելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փորձերը