Ռուս Եւ Ամերիկացի Դիւանագէտներ Քննած Են Արցախի Հարցը

By Asbarez | Thursday, 19 January 2012

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Յունուար 19ին կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասին Չորեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի հետ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Պելոռուսի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։

Քննարկուած են նաեւ ղարաբաղեան եւ մերձտնեսթրեան հակամարտութիւններու կարգաւորման հետ կապուած հարցեր։

Նոյն լրատու գործակալութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ ունեցած է դռնփակ հանդիպում մը, որուն մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած:

comments