Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Դեսպանները Մերժեցին Շուշի Այցելել

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Ալիեւի յատուկ յանձնարարութեամբ՝ այցելութիւն մը կազմակերպուած էր 44օրեայ պատերազմին պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Կատարոտ (Ջդրդուզ)։ Այցելութեան հրաւէրը մերժեցին Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները։

Այցելուներու շարքին էին Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Շուէտի, Լեհաստանի, Իսրայէլի, Պիելոռուսի, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու դեսպանները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Այս մասին 10 Յուլիսին հաղորդեց «Մինվալ» կայքը՝ աւելցնելով, որ այցելութեան նպատակը Շուշի քաղաքին մէջ իրականացուող «վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ատրպէյճանցի ժողովուրդի ազգային¬մշակութային ժառանգութեան» ծանօթանալն էր։

«Սփութնիք Արմենիա»ն՝ յղում կատարելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները բացարձակապէս մերժեցին այցելել Շուշի։

Դատելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու արձագանգէն՝ ուղեւորութենէն երեք դեսպաններու հրաժարիլը մեծ իրարանցում յառաջացուց. տեղի ունեցածը կոչուեցաւ «քայլ» եւ երեք գերտէրութիւնները մեղադրուեցան «հայամէտ» դիրքորոշում ունենալու յանցանքով։

«Մինսքի խմբակը վերջնականապէս մահացած է», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Թոֆիք Զուլֆիկարով՝ առաջարկելով «երեք դեսպանները պաշտօնական եւ հասարակական մեկուսացման ենթարկել»։

Շուշի այցելեցին նաեւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ եւ այլ կրօնական դաւանանքներու առաջնորդներ, որոնք աղօթեցին Շուշիի հայկական Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները Շուշիի հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ղազանչեցոց տաճարը կը ներկայացնեն՝ իբրեւ ռուս ուղղափառ եկեղեցի:

comments

Advertisement