Փութին Ռուսիոյ Ապահովութեան Խորհուրդին Հետ Քննեց Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Վիճակը

By Asbarez | Thursday, 29 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 28 Յուլիսին  խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկրին Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ եւ շարք մը այլ հարցերու կողքին քննարկեց նաեւ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճական սահմանին վրայ:

«Խորհրդակցութեան ընթացքին խորհրդակցութեան  մասնակցողները քննարկեցին Ռուսիոյ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերող ընթացիկ հարցերը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգի այժմէական հարցեր, ներառեալ՝ իրադրութիւնը Աֆղանիստանի մէջ եւ ատրպէյճանահայկական սահմանին», ըսաւ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

comments

Advertisement