By Asbarez | Thursday, 29 July 2021
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին աճող լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ՄԱԿի մօտ։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական փոխներկայացուցիչ Ֆարհան Հաք` անդրադառնալով 28 Յուլիսին Հայաստանի սահմանին ատրպէյճանական կողմին սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն:
«Մենք աճող անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող լարուած իրավիճակին վերաբերող տեղեկութիւններուն, որոնց կարգին նաեւ՝ վերջին միջադէպին, որուն մասին տեղեկութիւն ստացանք այսօր: Թէեւ ՄԱԿը չի կրնար ստուգել այս տեղեկութիւնները, սակայն մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն, հրաժարելու ամէն տեսակի գործողութենէ, որ կրնայ լարուածութիւնը սաստկացնել, եւ հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով», յայտնեց Հաք:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ