Մոսկուա Պատրաստ Է Նպաստելու Հայ-թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

By Asbarez | Thursday, 09 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա «արձանագրած եւ ի գիտութիւն ընդունած է» Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջերս արձանագրուած դրական ազդակները, Հինգշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

«Ռուսիա, ինչպէս գիտէք, միշտ կողմ եղած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Ի դէպ, պէտք է յիշեցնել, որ մենք նախապէս անմիջականօրէն մասնակցած ենք համապատասխան միջնորդական ջանքերու: Մենք նպաստեցինք ստորագրութեան 2009ի Զիւրիխի արձանագրութիւններուն, որոնք կ՛ենթադրէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու փուլային բարելաւում՝ առանց նախապայմաններու», նշեց Զախարովա:

Ըստ անոր՝ Ռուսիա ոչ միայն միջնորդի դեր խաղցած է, այլ նաեւ «ձեռնարկած գործօն, արդիւնաւէտ քայլերու, որոնք դրական արդիւնքներ տուած են»:

«Յետագային կողմերը չիրականացուցին զանոնք, բայց այդ արդէն պետութիւններու կամքն էր: Մենք այժմ պատրաստ ենք ամէն կերպ նպաստելու երկու դրացի պետութիւններու մերձեցման՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ եւ անոնց շահերը նկատի ունենալով», եզրափակեց Զախարովա:

Արցախի գծով, ան յայտնեց, թէ Մոսկուա կ՛աջակցի ներկայի լիազօրութիւններուն հիման վրայ Արցախի տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքին աշխուժացման:

«Տարածաշրջանի նոր իրողութիւններու համարժէք դիտարկման պայմաններուն մէջ, կը կարծենք, որ եռեակը (համանախագահներու) կրնան նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման: Այդ մէկը կը ծառայէ քաղաքական հարցերու քննարկման անցնելուն», նշեց Զախարովա:

comments

Advertisement