Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Դժգոհութիւն Յայտնեց Ատրպէյճանի Յայտարարութիւններուն Վերաբերեալ

By Asbarez | Friday, 01 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Ատրպէյճանի նորանշանակ դեսպան Ալի Ալիզատէի հաւատարմագիրի պատճէնը ընդունելու ատեն դժգոհութիւն յայտնեց ատրպէյճանի սահմանապահներուն կողմէ իրանցի վարորդներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ոչ-պատշաճ վերաբերմունքին եւ երկու վարորդներու ձերբակալութեան վերաբերեալ:

Ըստ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին՝ նախարարը նաեւ զարմանալի եւ ափսոսալի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հնչող բացասական յայտարարութիւնները:

Ապտոլլահեան նշեց, որ զօրավարժութիւններու իրականացումը երկիրներու ինքնիշխան իրաւունքն է եւ՝ մատնանշելով Իրանի սահմաններուն մօտ սիոնական վարչակարգի գործողութիւնները՝ աւելցուց. «Իրան չի հանդուրժեր իր ազգային անվտանգութեան դէմ սիոնական վարչակարգի ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը ու այդ առումով պիտի առնէ որեւէ անհրաժեշտ քայլ»:

Դեսպանը իր կարգ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ վերջին եղելութիւնները կը հարթուին երկու երկիրներու պաշտօնեաներու երկխօսութեան միջոցով։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ զարմանք յայտնած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանին Իրանի զինուած ուժերուն կողմէ կատարուող զօրավարժութիւններուն առնչութեամբ՝ զանոնք նկատելով «զգացական արձագանգ» Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան-Իրան միջպետական ճամբուն վրայ իրանեան բեռնատարներու վարորդներէն «ճամբու տուրք» գանձելու որոշման:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի եւս իրենց հանդիպումին ընթացքին անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն: Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները եւ նկրտումները՝ Հայաստանի ինքիշխան տարածքին նկատմամբ, կը վտանգեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու զարգացման ուղղուած ջանքերը:

Քննարկուեցաւ նաեւ իրավիճակը Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ,  արդէն շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր ատրպէյճանական անցակէտի տեղադրումը, ուրկէ անցնելու համար իրանցի բեռնատարներու վարորդները պէտք է գումար վճարեն՝ իբրեւ տուրք: Արարատ Միրզոյեան դեսպանին տեղեկացուց, որ այլընտրանքային ճամբայ կը կառուցուի  եւ ներկայացուց նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի աշխատանքներուն ընթացքը:

 


comments

Advertisement