Ալիեւները 545 Միլիոն Տոլարի Բրիտանական Անշարժ Գոյքի Առեւտուր Կատարած Են

By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021



ԼՈՆՏՈՆ.- Ատրպէյճանի բռնատէր նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքը վերջին տարիներուն շուրջ 545 միլիոն տոլարի Բրիտանիոյ մէջ անշարժ գոյքի առեւտուր կատարած է, ապահովելով աւելի քան 42 միլիոն տոլարի զուտ շահ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` յղում կատարելով «Փանտորայի Փաստաթուղթեր» կայքին:

«Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի մէջ իշխող Ալիեւներու ընտանիքը վերջին տարիներուն շուրջ 400 միլիոն բրիտանական փաունտ արժողութեամբ բրիտանական անշարժ գոյք վաճառած է», կը գրէ օրաթերթը` աւելցնելով. «Անոնցմէ մէկը վաճառուած է բրիտանական արքունիքին»:

Յատկանշական է, որ շարունակաբար զեղծարարութիւններով ամբաստանուող Ալիեւի 11 տարեկան զաւակին անունով գնուած է 45 միլիոն տոլարնոց գրասնեակային համալիր մը։

Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութիւնը հրապարակած է համաշխարհային շարք մը ղեկավարներու` արտերկրի ծրագիրներու մասնակցութեան մասին: Անոր մէջ ընդգրկուած են ներկայ եւ նախկին առաւել քան 35 քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ 100 երկիրներէ աւելի քան 300 պաշտօնատարներ:

Ընկերակցութիւնը այդ հետաքննութիւնը ելեւմուտքի գաղտնիքներու մեծագոյն բացայայտումը կոչած է:

Կը նշուի, որ փաստաթուղթերուն մէջ կան 117 երկիրներէ առաւել քան 600 լրագրողներու տեղեկագրութիւններ, որոնք հիմնուած են գաղտնիքներու արտահոսքին արդիւնքով ի յայտ եկած մօտաւորապէս 12 միլիոն փաստաթուղթերէ ստացուած տուեալներուն վրայ:

comments

Advertisement