Իրան Ունի Փաստաթուղթեր, Որոնք Կը Հաստատեն Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Ատրպէյճան Տեղափոխուած Ըլլալը

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021

ԹԵՀՐԱՆ, «Իրան Ֆրոնթ Փէյճ»․- Իրան յայտարարեց, որ իր տրամադրութեան տակ ունի փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն, որ ահաբեկչական խմբաւորումները տեղափոխուած են Ատրպէյճան:

«Իրան նոյնիսկ ձեռք բերած է անոնց խօսակցութիւնները եւ զանոնք կը պահէ հետախուզութեան վերահսկողութեան տակ», Իրանի ազգային ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէ:

«Մենք ատրպէյճանական կողմին ըսած ենք, որ այդ ընդունելի չէ, եւ անոնց ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարները խոստացած են աջակցիլ մեր մտահոգութեան: Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ են, բարի եւ բազմաշերտ, եւ երկու կողմերու պաշտօնատարներուն այցելութիւնները կը շարունակուին: Շրջանին մէջ կան երրորդ խումբեր, որոնք չեն ուզեր, որ Իրան եւ Ատրպէյճան ունենան բարեկամական կապեր: Ըստ այնմ, անոնք կը հրապարակեն կեղծ եւ իրականութեան չհամապատասխանող լուրեր եւ կը փորձեն ազդել երկու երկիրներու մարդոց տրամադրութիւններուն վրայ` իրենց անձնական նպատակներուն հասնելու համար», նշեց ան, առանց յստակացնելու այդ «երրորդ խումբեր»ը: «Կովկասեան զարգացումներուն մէջ մենք շեշտած ենք, որ դրացի երկիրներու իրաւունքները պէտք է վերականգնին. համապատասխանաբար, մենք ողջունած ենք Ատրպէյճանի իրաւունքներու վերականգնումը: Մենք կը կարծէինք, որ պատերազմը անոր հասկնալու ճիշդ գործելաոճը չէ, եւ ընդգծած ենք դիւանագիտական յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ խօսնակը՝ աւելցնելով. «Իրան եւ Ռուսիա օգնած են դիւանագիտական բանակցութիւններ վարելու պատերազմող կողմերուն միջեւ»՝ ակնարկելով անցեալ տարի Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին:

comments

Advertisement