Ալիեւի Նորագոյն Յերիւրանքին Իրանի Սուր Հակադարձութիւնը

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի կտրուկ կերպով հակադարձեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ  Ալիեւի նորագոյն յերիւրանքին, այն մասին, թէ Իրան եւ Հայաստան իբրեւ թէ կը համագործակցին թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան ոլորտին մէջ:

Շամխանի շեշտեց, որ բարի դրացիութեան սկզբունքները անտեսելը եւ կեղծ յայտարարութիւնները «չեն կրնար լաւ յարաբերութեան նշան ըլլալ»:

«Թմրամիջոցներու դէմ պայքարին մէջ ամբողջ աշխարհի կողմէ հերոս ճանաչուած երկիրի մը դէմ մեղադրանքը չի կրնար այլ ազդեցութիւն ունենալ, քան մեղադրողի խօսքերուն հերքումը:  Զգուշացէք սատանային ծուղակներէն», շեշտեց Շամխանի:

Նշենք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Ալիեւի այդ անհիմն պնդումին՝ ընդգծեց, որ թմրամիջոցների ապօրինի շրջանառութեան դէմ Իրան-Հայաստան մօտէն կը գործակցին:

Աւելի ուշ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հերքեց Ալիեւի յայտարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Պաքուի՝ նման անհիմն յայտարարութիւնները պիտի ստանան համապատասխան արձագանգ:

comments

Advertisement