Թեհրան Պաքուին Յորդորեց Եղբայրական Ոճով Շարունակելու Իրանի Հետ Դիւանագիտական Խօսակցութիւնները

By Asbarez | Thursday, 21 October 2021

ԹԵՀՐԱՆ, «Մեհր»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ատրպէյճանցի պաշտօնատարները յորդորեց «եղբայրական ոճով» շարունակելու Իրանի հետ դիւանագիտական խօսակցութիւնները` աւելցնելով, որ Ատրպէյճան պէտք է զգուշանայ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն հարցով երրորդ կողմի մը թակարդը իյնալէ:

Խաթիպզատէ ընդգծեց, որ իր երկիրը «երբեք պիտի չհանդուրժէ իր սահմաններուն մօտ սիոնական գոյացութեան ներկայութիւնը»:

Միւս կողմէ, ան յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ երկխօսութեան սեղանին վրայ կարեւոր թղթածրարներ դրուած են:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ Թեհրան Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու սկսած է, եւ այդ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:

comments

Advertisement