Պաքու Կը Խոստանայ Զանգեզուրի Միջանցքը Իրականացնել Հայաստանի Սահմանը Խախտելով

By Asbarez | Monday, 01 November 2021



ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր ծանօթացան Ահմատպէյլի-Վարանդա (Ֆիզուլի)-Շուշի ինքնաշարժի մայրուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:

Ըստ «Թուրան»ի` երկու պետութիւններու ղեկավարները մասնակցեցան Հորատիզ-Ջրական (Ճեպրայիլ)-Կովսական (Զանգելան)-Աղբենտ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի ինքնաշարժներու ճամբուն հիմնարկէքի արարողութեան:

Յատկանշական է, որ Էրտողան հարց տուաւ Ատրպէյճանի ազատուղիներու պետական մարմինի ղեկավար Սալեհ Մամատովին, թէ ճամբան Հայաստանի սահմանէն պիտի անցնի՞, որուն Մամատով պատասխանեց․ «Այո, միւս կողմը պիտի անցնինք ու Աստուծոյ կամքով մինչեւ Պոլիս եւ Եւրոպա պիտի հասնինք»։

Միւս կողմէ, Էրտողան դարձեալ յայտարարեց, թէ պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, եթէ Երեւան «Պաքուի հետ իր հարցերը լուծէ»։

comments

Advertisement