Ըստ Էրտողանի, Ալիեւ 3+3ի Գծով Զրուցած Է Փաշինեանի հետ

By Asbarez | Friday, 05 November 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի ժողովէն վերադառնալու ճամբուն վրայ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «3+3» հարթակ կազմելու հարցով զրոյց մը ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Յիշեցնելով, որ հարթակի հարցը Հռոմին մէջ քննած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ՝ Էրտողան աւելցուց, թէ Ալիեւ վճռական տրամադրուած է՝ «շարունակելու Հարաւային Կովկասի մէջ առնուող դրական քայլերը»:

«Եթէ Ռուսիա, Ատրպէյճան, Թուրքիա, Իրան, Վրաստան եւ Հայաստան ընդունին, իսկապէս պիտի ստեղծենք խաղաղութեան հարթակ մը», պնդեց ան՝ աւելցնելով, որ նման հարթակ մը պիտի նպաստէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու զարգացման։

«3+3» հարթակը կազմելու առաջարկը թրքական կողմէն յամառօրէն կը պաշտպանուի եւ Երեքշաբթի օր քննարկուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին։

Էրտողան Հռոմի մէջ յայտարարած էր, որ Վրաստանը նշեալ հարթակը կազմելու հարցին նկատմամբ «բացասական տրամադրուած է»:

comments

Advertisement