Ալիեւ Վիրաւորուած Է Հայաստանին Աւելի Մեծ Գումար Յատկացնելու Եւրոպական Միութեան Որոշումէն

By Asbarez | Friday, 07 January 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քննադատեց այն իրողութիւնը, որ Եւրոպական Միութիւնը աւելի շատ միջոցներ կը յատկացնէ Հայաստանին օգնելու համար, քան Ատրպէյճանին: Այս մասին «Ռեկնում»ի թղթակիցին յայտնեց Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի Կովկասի բաժինի գլխաւոր գիտաշխատող Ալեքսանտր Քրիլով:

Ատրպէյճան հսկայ գումարներ կը պահանջէ հակամարտութեան գօտիին մէջ ատրպէյճանցի գաղթականներ վերաբնակեցնելու համար: Ուստի, ըստ փորձագէտին, հասկնալի է, որ Ալիեւ անարդար կը համարէ Եւրոպական Միութեան կեցուածքը, սակայն ան կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Եւրոպական Միութիւնը, ինչպէս որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն, նկատի կ՛առնէ այդ հարցերը իր միջոցներով լուծելու Ատրպէյճանի կարելիութիւնները եւ Հայաստանի կարելիութիւնները:

Աւելին՝ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի մասին հանդէս եկած է իբրեւ արտաքին խաղացող, իսկ ղարաբաղեան տարածքը միջազգային հանրութեան կողմէ իրաւաբանօրէն ճանչցուած է իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք: Ուստի, Հայաստան ունի խիստ սահմանափակ կարելիութիւններ՝ օգնելու հայ բնակչութեան թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական առումով, հետեւաբար կարելի չէ համեմատել զանոնք Ատրպէյճանի կարելիութիւններուն հետ: Եւ զարմանալի չէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Ղարաբաղի բնակչութեան հայկական հատուածը կը համարէ ամենախոցելին ու անպաշտպանը, եւ անոր պէտք է շատ աւելի օգնել, քան ատրպէյճանցիին»:

comments

Advertisement