By Asbarez | Monday, 21 February 2022
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ հաստատուած՝ Եւրոպական Միութեան «Ընդհանուր արտաքին եւ ապահովական քաղաքականութեան» տարեկան բանաձեւին մէջ Թուրքիա որակուած է իբրեւ «ապակայունութեան աղբիւր», կը նշէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, Թուրքիա յաճախ Եւրոպական Միութեան եւ անոր դրացի երկիրներուն համար ապակայունացնող դեր կը խաղայ, հետեւաբար շրջանային խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան կը սպառնայ:
Զեկուցումին մէջ դատապարտուած են յատկապէս Թուրքիոյ անօրինական գործողութիւնները Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու, յատկապէս՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ զինուորական տագնապի սպառնալիքները եւ այլոց իրաւասութեան տակ գտնուող ծովային հատուածներուն մէջ Թուրքիոյ յայտարարած նոր անօրինական քայլերը:
Կը նշուի, որ հակառակ լարուածութիւնը մեղմացնելու ջանքերուն, թրքական զինուորական նաւերուն սադրիչ գործողութիւնները եւ Լիպիոյ զէնքեր ծախելու արգելքը վերահսկող ՄԱԿի առաքելութեան հասցէին սպառնալիքները կը խախտեն միջազգային օրէնքը եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու գերիշխանութիւնը:
Զեկուցումին մէջ նաեւ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը բաւարար կամք ունի օգտագործելու իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներն ու տարբերակները` իր անդամ երկիրներուն եւ իր շահերն ու շրջանային կայունութիւնը պաշտպանելու համար:
comments
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ
Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է
Արցախի Հայերը Պէտք Է Ատրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին․ Մամետեարով
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չվաւերացուց Թուրքիոյ Դեսպանին Նշանակումը
Չաւուշօղլու Յորդորեց Հայաստանին Աւելի Համարձակ Ըլլալ
Ուաշինկթըն Կաջակցի Թուրքիոյ Էֆ․16ներու Վաճառքին
Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Մեր Զինուորները Կը Սպաննեն. Ռուսիոյ Դեսպանը Թուրքիոյ
ԵԱՀԿի Նախագահը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղեց Բարեխղճօրէն Մասնակցելու Բանակցութիւններուն
Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկեցին Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը
Անթալիոյ Մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպո՞ւմ