Մոսկուա-Պաքու Հռչակագիրը Չի Հակասեր Ռուսիա-Հայաստան Կապերուն

By Asbarez | Tuesday, 01 March 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 25 Փետրուարին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ վերջերս Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հռչակագիրը հարցեր չի ստեղծեր Հայաստանի հետ ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ։

Ըստ անոր՝ Մոսկուա պիտի պահպանէ բոլոր պարտաւորութիւնները Երեւանի նկատմամբ, որ Ռուսիոյ վաղեմի եւ մտերիմ դաշնակիցն է:

«Մենք համոզուած ենք, որ Պաքուի հետ վերոնշեալ հռչակագիրի ստորագրութիւնը թոյլ պիտի տայ ամրապնդելու Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ եռակողմանի գործակցութիւնը», յայտնեց Զախարովան:

Ան աւելցուց, որ նկատի ունենալով տարածաշրջանին մէջ փոփոխուած աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները, Ռուսիա անդադար կը թարմացնէ Հայաստանի հետ երկկողմանի պայմանագրաիրաւական հիմնական պաշարը, որ ներկայիս բաղկացած է շուրջ 200 փաստաթուղթէ:

Զախարովայի հաւաստմամբ` Ռուսիոյ առաջնորդին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը կը վերաբերի տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման:

«Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան կարգաւորման ու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման, ապա հռչակագիրին մէջ կայ Ատրպէյճանի հետ դաշնակցային փոխյարաբերութիւններու մասին դրոյթ, որով կողմերը կրնան միասնաբար նպաստել 9 Նոյեմբեր 2020ին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ, ինչպէս նաեւ 11 Յունուար 2021ին ու 29 Նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութիւններու դրոյթներուն իրագործման», յայտնեց Զախարովա:

Անոր համաձայն՝ 10րդ դրոյթին մէջ նշուած է, որ կողմերը կը համագործակցեն աւելի կանուխ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն բխող խնդիրներու լուծման առումով, եւ սերտօրէն կը համագործակցին տարածաշրջանի պետութիւններուն միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ 22 Փետրուարին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները ստորագրեցին դաշնակցային համագործակցութեան վերաբերող հռչակագիր:

comments

Advertisement