Տաւութօղլու Ատրպէյճանի Հետ Եղբայրութիւնը Կ՛ուզէ Զարգացնել

Monday, 04 January 2010     |    |      

Source: Asbarez
Tags: turkey, azerbaijan

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, ամփոփելով 2009ի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան զարգացումները, յայտնած է, որ <<Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ Թուրքիա բարեկամական օղակ պիտի ստեղծէ>>:

Տաւութօղլու ընդգծած է, որ <<Կովկասը պարուրած խնդիրները 2009ին, Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ քննարկուած թեմաները եղան: Հայաստանի հետ ստորագրուեցաւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններ: Մեր հեռանկարը, ոչ միայն Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու՝ այլ միւս բոլոր <<սառեցուած>>>> արձանագրութիւններու առջեւ դուռները բանալ է: Ամբողջական ծրագրով պիտի շարունակենք աշխատանքը>>:

Թրքական <<Իհլասոնտաքիքա>> կայքէջի մէջ տեղադրուած Տաւուղթօլուի կարծիքով <<Կովկասի մէջ հաստատուն խաղաղութիւն պիտի ապահովուի: Թուրք-ատրպեճանական եղբայրութիւնը պիտի շարունակէ զարգանալ <<մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն>> կարգախօսի տրամաբանութեամբ>>:

 


Headlines

Advertisement

Share: Digg   Delicious   Facebook   Stumble Upon   Technorati   Myspace   Google   Furl   Reddit   Netvouz   Twitter   Newsvine   Blinklist