By Asbarez | Wednesday, 25 January 2012
ՓԱՐԻԶ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին յղած է պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծին։
Էլիզէ պալատի ղեկավարը իր նամակին մէջ նշած է, որ այս օրինագիծը ուղղուած չէ որոշ պետութեան մը դէմ։ Սարքոզի նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է՝ Ֆրանսայի հետ իր հասարակաց շահերը նկատի ունենալու։
Նիքոլա Սարքոզի օրէնքը պէտք է ստորագրէ յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին։ Նախագահական պալատէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սարքոզի փաստաթուղթը պիտի ստորագրէ յառաջիկայ 2 շաբթուան ընթացքին։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման՝ յայտնած է. «Այս հարցին առնչութեամբ մեր տեսակէտը արդէն յայտնի է։ Անիկա անփոփոխ է։ Այս հարցի լուծման ուղղութեամբ մեր տեսակէտն ու մօտեցումը արդէն կիսած ենք Ֆրանսայի կառավարութեան հետ։ Սակայն, անկեղծօրէն, ասիկա Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ խնդիրն է, եւ մենք կ՛ուզենք, որ անոնք լաւ յարաբերութիւններ ունենան։ Ֆրանսան եւ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներն են։ Ահա, սա է մեր ուղերձը անոնց», ըսած է Նուլընտ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ