Պաքուի Համար Քարոզչութիւն Կատարած Հիմնարկը Նաեւ Շուէտի Կառավարութեան Խորհրդատուութիւն Կատարած Է

By Asbarez | Saturday, 11 June 2022

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շուէտական «Պլենքսփաթ» կայքին կողմէ (Ա․ եւ Բ․ մաս) կատարուած հետախուզութիւն մը բացայայտած է, թէ 44օրեայ պատերազմին յաջորդող հանգրուանին՝ 2021ին, երբ Շուէտ ստանձնած էր ԵԱՀԿի նախագահութիւնը եւ Արցախի տագնապին գծով բանակցութիւններուն կարեւոր դերակատարներէն մէկը կը հանդիսանար Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ, առնուազն 2010էն ի վեր Պաքուի կողմէ վարձուած շուէտական հիմնարկ մը՝ ISDP-ը, խորհրդատուութիւն կատարած է նաեւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան, լրջօէն հարցականի տակ դնելով անոր անկողմնակալութիւնը։

«Պլենքսփաթ» հաստատած է, թէ հիմնարկը իր գումարները կը ստանայ Ատրպէյճանի բռնատիրական կառավարութեան ուժանիւթի ընկերութիւններէն եւ ցաւ կը յայտնէ, թէ նախարարութիւնը շարունակած է գործակցիլ ISDP-ի հետ, նոյնիսկ Պաքուի հետ անոր յարաբերութիւններուն բացայայտումէն ետք։

Կայքը հասած է այն եզրակացութեան, որ ISDP-ի միջամտութիւնները պատճառ դարձան, որ Շուէտ ամէն առիթով շեշտը Արցախ տագնապի վերջնական լուծումէն հեռացնէ եւ կեդրոնայ միայն զինադադարի պահպանման ջանքերուն վրայ։

comments

Advertisement