Տաւութօղլու Քոնկրեսականներուն Հետ Ցեղասպանութեան Հարցը Պիտի Քննարկէ

By Asbarez | Friday, 03 February 2012

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».-  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Փետրուար 8-13  պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:

Տաւութօղլու նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ քոնկրեսականներու հետ եւ պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, որ հաւանաբար մինչեւ Ապրիլ կրկին ներկայացուի Քոնկրեսին՝ առ ի քննարկում։

comments