Լիպըրման Դէմ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

By Asbarez | Monday, 06 February 2012

 

ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան «Իզրուս» ռուսալեզու կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման անցնոaղ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ խօսած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին՝ դէմ արտայայտուելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին:

«Իսրայէլի պետութեան հիմնադրումէն ի վեր որեւէ այլ պատերազմի կամ այլ ողբերգութեան առնչութեամբ «ողջակիզում» եզրի օգտագործման համաձայն չենք եղած։ Մենք կը կարծենք, որ այն, ինչ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տարիներուն հրեայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցաւ՝ ամհամեմատելի է։ Ափրիկէի, Ասիոյ, Պալքաններու մէջ տեղի ունեցածները իբրեւ ցեղասպանութիւն չենք ընդունիր։ Մենք կողմնակից ենք այն բանին, որ բոլոր փաստերը, պատմութեան տխուր էջերը ներկայացուին այնպէս, ինչպէս որ են», յայտարարած է ան։

Լիպըրման նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման։ «Մենք պէտք չէ միջամտենք։ Այսօր այդ հարցը պատմական իրադարձութենէն քաղաքական վէճի վերածուած է, ուստի չեմ կարծեր, որ Իսրայէլ այժմ պէտք է այդ բոլորին միջամտէ», ըսած է ան։

Մայիս 2011ին, Լիպըրմանի կուսակիցներէն՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն յայտարարած էր, որ Իսրայէլի խորհրդարանը պիտի չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Ատիկա անկարելի է. մենք չենք կրնար թոյլատրել, որ պատմութեան վիճելի հարցերը իսլամական աշխարհին մէջ մեր ռազմավարական գործընկերոջ՝ Ատրպէյճանի հետ, մեր յարաբերութիւնները փճացնեն», ըսած էր ան։

comments