ԹՈՒՐՔԻԱ, <<Փանորամա>>.- Թրքական <<Ֆուրաթ>> լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը գրաքննութեան ենթարկած է միջնակարգ դպրոցներու աշխարհագրութեան դասագիրքերը, որոնց մէջ նշուած է Պիպլիական լեռ <<Արարատ>> անունը:
Ըստ նոյն տուեալներուն, Թուրքիոյ ազգայնական շրջանակներն ու իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում (ԱԶԿ) կուսակցութիւնը <<Արարատ>> բառը անցուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող արգիլուած բառերու շարքին:
<<Արարատ>> բառը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը խորհրդանշէ>>, պատճառաբանած է նշեալ կուսակցութիւնը: