By Asbarez | Friday, 17 February 2012
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէ»չ օրաթերթը Ուրբաթ, Փետրուար 16ին կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այս շաբաթ Կիպրոս իր այցելութեան ընթացքին Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիասի հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ իսրայէլեան բանակի ցամաքային ուժերը, օդուժն ու ծովուժը հնարաւորութիւն կը ստանան Կիպրոսի տարածքը օգտագործելու։ Համաձայնագիրի նպատակը Կիպրոսի մէջ բնական կազի երկրորդ հանքավայրի հետազօտումն է։ Սակայն Իսրայէլի վարչապետը չէ բացառած, որ Կիպրոսի մէջ կրնայ նաեւ ռազմակայան ստեղծուիլ։
Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ ծովային ուսումնասիրութիւններու առնչուած հարցեր։
«Հիւրրիյէ»չ կը գրէ, որ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական եւ ռազմական բնոյթի համագործակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ ընդունուած է իբրեւ հակաթրքական քաղաքականութիւն։
Իսրայէլի ղեկավարները երկար տարիներ խուսափած էին Կիպրոսի հետ կապերը սերտացնելէ, որպէսզի վնաս չհասցնեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» նաեւ հաղորդած է, թէ Նեթանիահուի Կիպրոս այցելութեան օրը Թուրքիա զօրավարժութիւններ կատարած է այն շրջանին մօտերը, ուր կազի պեղումներ կը կատարուին Կիպրոսի եւ Իսրայէլի կողմէ: Կիպրոս քննադատած է այդ ռազմափորձերը եւ բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ