Ալիեւ Դարձեալ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Կ՛արտայայտուի

By Asbarez | Tuesday, 21 February 2012

ՊԱՔՈՒ.- «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ֆրանսայի փոխադրամիջոցներու նախարար Թիերի Մարիանիի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դիւանագիտական խորհրդատու Տամիէն Լորասի հետ Շաբաթ, Փետրուար 18ին ունեցած հանդիպման ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ուժի մէջ չի մտներ:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են երկկողմանի յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցերու մասին: Ֆրանսացի պատուիրակները Ալիեւին յանձնած են նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ նամակ մը:

comments