Թուրքիա Կը Դատապարտէ «Խոջալուի Ցեղասպանութիւն»ը

By Asbarez | Thursday, 23 February 2012

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնիա.ազ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» 20րդ տարելիցին կապակցութեամբ ուղերձով մը դիմած է Ատրպէյճանի ժողովուրդին՝ վստահեցնելով, թէ անոր պատասխանատուները «ուշ կամ կանուխ պատասխան պիտի տան օրէնքին առջեւ»:

Նոյն օրը, Ալիեւ ընդունած է Պաքու այցելող Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ «բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու բարեյաջող զարգացումը»:

Թուրք նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ իր այցելութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ յատկապէս երկու երկիրներու ներքին գործոց նախարարութեանց միջեւ կապերու յաւելեալ զարգացման:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց, թէ Թուրքիա կը դատապարտէ Խոջալուի մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանցիներու «ցեղասպանութիւնը»՝ զայն համարելով «մարդկութեան դէմ ոճիր», միաժամանակ թուրք ժողովուրդին անունով ցաւակցութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի ժողովուրդին, այս ողբերգութեան 20ամեակին կապակցութեամբ: «Այդ ցեղասպանութեան մեղաւորները պէտք է պատժուին», աւելցուցած է ան:

«Ամենածանր օրերուն, Թուրքիա եղած է Ատրպէյճանի կողքին, իսկ Ատրպէյճանը եղած է Թուրքիոյ կողքին: Այս եղբայրական կապը դիմացած է ժամանակի փորձութեանց, եւ տարիէ տարի աւելի կը զօրանայ», եզրակացուցած է ան:

Միւս կողմէ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի մօտ նոր դեսպան նշանակած է Իսմայիլ Ճոշկունը: Ներկայի դեսպան Հուլուսի Քըլըճ այդ պաշտօնին նշանակուած էր 2008ին:

comments

Advertisement