Ատրպէյճան 1.6 Միլիառ Տոլարի Զէնքեր Կը Գնէ Իսրայէլէն

By Asbarez | Monday, 27 February 2012

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլեան ռուսալեզու «Izus.co.il» կայքէջը, վկայակոչելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներ՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան Իսրայէլէն 1.6 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն պիտի գնէ: Իսրայէլեան պետական ընկերութեան մը ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ այս նպատակով համաձայնութիւնը արդէն իսկ ստորագրուած է։

Իսրայէլեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան այս համաձայնութեամբ պիտի ստանայ անօդաչու լրտեսական օդանաւեր եւ հակօդային պաշտպանութեան համակարգեր։

Կը հաղորդուի, որ իսրայէլացի մասնագէտներ Ատրպէյճան պիտի մեկնին՝ նոր համակարգերու գործարկման հարցին մէջ իրենց ատրպէյճանցի գործընկերներուն օգնելու համար։

Այս համաձայնութիւնը կնքուած է վերջերս Իրանի ու Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ: Իսրայէլի հետախուզական «Մոսատ» ծառայութեան նախկին ղեկավարը յայտարարած է, թէ Իրանի կողմէ սպառնալիքներու աճի պայմաններուն մէջ, Իսրայէլ պիտի շարունակէ զինել իր դաշնակիցները:

Միւս կողմէ՝ Իրան վերջին 10 օրերուն արգիլած է իր տարածքէն՝ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան վառելանիւթի փոխադրութիւնը՝ նեղ կացութեան մատնելով Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը, ձմրան ցուրտ պայմաններուն մէջ:

Իրանի համաձայն՝ այս որոշումը տրուած է նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ատրպեճանական փոխադրակառքերը չեն համապատասխաներ միջազգային չափանիշերու:

Ըստ ատրպեճանական մամուլին՝ Նախիջեւանի կառավարութիւնը կոչ ըրած է բնակչութեան, որ կասեցնէ Իրանէն ուտեստեղէնի ներածումը:

comments