* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Ըստ Թուրք Ընդդիմութեան՝ Բանաձեւին Վաւերացումը Հաւանական Է

Monday, 22 February 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, armenian genocide

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Ճիւմհիւրրիյէթ>> օրաթերթը, Ուրբաթ, Փետրուար 19ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխնախագահ Օնուր Էօյմեն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման հաւանականութիւնը մեծ է։

Էօյմեն Հինգշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս իրողութեան գլխաւոր պատասխանատուն համարած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան որդեգրած անպատասխանատու եւ սխալ քաղաքականութիւնը:

Էօյմեն նաեւ յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը միշտ դէմ եղած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման։ Ըստ անոր, այս արձանագրութիւնները ստորագրելով՝ Թուրքիան շեղած է այն ուղիէն, որուն վրայ էր վերջին 17 տարիներու ընթացքին։

Միւս կողմէ, թրքական <<Ռատիքալ>> օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Իրան իր այցելութենէն վերադարձին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ներկայացուցած է այցելութեան մանրամասնութիւնները։ Անոնք նաեւ քննած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ամերիկացի պաշտօնակիցին ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան բանաձեւի առնչութեամբ Անգարայի մտահոգութիւնները։

Տաւութօղլու, յայտնելէ ետք, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պէտք է շարունակել, նշած է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը լուրջ վնասներ պիտի հասցնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն։ <<Մենք կ՛ուզենք, որ նման նախաձեռնութիւններ դադրեցուին>>, ըսած է Տաւութօղլու։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս պատգամները փոխանցած է նաեւ Հինգշաբթի օր Անգարա այցելած Հիլըրի Քլինթընի քաղաքական հարցերու օգնական Ուիլեըմ Պըրնզի։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement