By Asbarez | Wednesday, 10 March 2010
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Սապահ>> օրաթերթի համացանցային կայքը Երեքշաբթի, Մարտ 9ին կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումէն ետք, քաղաքական խորհրդակցութիւններու համար Անգարա կանչուած թուրք դեսպան Նամըք Թանի Ուաշինկթըն վերադարձը հարցականի տակ է։
Ըստ թերթին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, անգամ մը եւս խօսելով Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման դէմ ուղղուած Անգարայի հակազդեցութեան մասին՝ ըսած է, որ եթէ կացութիւնը չսրբագրուի, ապա Թուրքիոյ դեսպանը Ուաշինկթըն պիտի չվերադառնայ:
<<Մինչեւ Միացեալ Նահանգներէն Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ձախողութեան յստակ նշան մը չստանանք, մեր դեսպանը Ուաշինկթըն չի վերադառնար>>, ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ դեսպան Նամըք Թանի մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին եւ կը քննուի, թէ որքա՛ն ժամանակով ան պիտի մնայ Անգարայի մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Երկուշաբթի օր Մորիթանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Անգարա ոչ մէկ ճնշումի տեղի պիտի տայ: <<Մենք ոչ ոքի թոյլ չենք տար Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու այն հարցերուն գծով, որոնց շուրջ մենք զիջումներ չենք կրնար կատարել>>, ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ