Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Կոչ

By armenia.com.au | Wednesday, 10 June 2015

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Վերջին շրջանին Հալէպի շուրջ ընթացող իրադարձութիւնները, հայաբնակ թաղամասերու եւ հայկական կեդրոններու ուղղակի ռմբահարումները մտահոգութեան եւ ընդվզումի նոր ալիք բարձրացուցին թէ տեղի բնակչութեան եւ թէ հալէպահայութեան ու անոր ճակատագրով մտահոգ հայութեան մօտ:

Երկրի մի շարք շրջաններուն մէջ ընդդիմադիր ուժերու յառաջխաղացքը, Հալէպի գրեթէ պաշարուած վիճակը, հայկական թաղամասերու ռմբահարումները եւ ընդհանրապէս խնդրի լուծման հեռանկարի բացակայութիւնը, ստեղծած են հոգեբանական ծանր մթնոլորտ:

Գաղութի ազգային մարմինները հասած են ան եզրակացութեան, թէ Հալէպահայութեան ապահովութեան աշխատանքները հարկ է որ ընթանան երկու ուղղութեամբ.-

ա. Ապահովել Հալէպահայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը թեթեւցնելով անոր կենցաղային դժուար պայմանները:

բ. Հալէպէն հեռանալ ցանկացողներուն քաջալերել հայրենիք տեղափոխուելու կարելիութիւնը:

Նկատի ունենալով ստեղծուած լուրջ կացութիւնը, մասնաւորաբար Հալէպի մէջ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէն, անոր ուղեկից միութիւնները (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային), Հայ Դատի յանձնախումբն ու ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը գումարեցին յատուկ ժողով մը եւ լուրջ քննարկումներէ ետք որոշեցին հետեւեալները.-

ա. Կոչ ուղղել Աւստրալահայութեան, որպէսզի հարկ եղած բոլոր միջոցներով պատրաստ գտնուի նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու Սուրիահայութեան:

բ. Ուղեկից միութիւններու կողմէ պիտի կազմակերպուի հանգանակութիւն, ուր յանձնախումբեր պիտի այցելեն մեր հայրենակիցներուն կատարելով հանգանակութեան գանձումներ ու տան համապատասխան ստացագրեր:

գ. Ելեկտրոնային միջոցներով հանգանակութիւն կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցով:

դ. Երկուշաբթի 22 Յունիս 2015-ին, Արմենիա ռատիօժամի միջոցաւ պիտի կազմակերպուի հանգանակութիւն մը (Radiothon):

դ. Կիրակի 28 Յունիս 2015-ին, Գօլստըն Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ պիտի կազմակերպուի համերգ գաղութիս հայ երգիչներու մասնակցութեամբ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Սուրիահայութեան:

ե. Կազմակերպել յատուկ հանգանակութիւն հրաւիրելով գաղութիս բարերարներն ու գործատէրերը:

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Նկատի ունենալով Սուրիոյ օրէ օր վատթարացող ընկերային, տնտեսական, կենցաղային վիճակը, ամէն մէկ հայու բարոյական պարտքը պէտք է ըլլայ օրհասական այս օրերուն նիւթական օժանդակութեամբ օգտակար դառնալու հայապահպանութեան ամրոցը նկատուած այս գաղութի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք ճգնաժամային օրեր կ’ապրին այս պահուն եւ մեր կոչն է ձեզի հայրենակիցներ, որ սիրայօժար բանաք ձեր քսակները այս կարեւոր գործին համար երբ ձեզի դիմուի:

Վստահ ենք որ համագործակցաբար ի վիճակի կ’ըլլանք որպէս բարեկեցիկ գաղութ մեր նպաստը բերել մեր հայրենակիցներուն ապահովելով անոնց տարրական կարիքները:

Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէ


comments

Advertisement