Օպամա Սուրիոյ հետ սահմանին հսկողութիւնը խստացնելու կոչ ըրած է Թուրքիոյ

By Asbarez | Thursday, 11 June 2015

0611Obama

ՊՈԼԻՍ - Թրքական <<Հիւրրիյէթ>> թերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եօթներու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին քննադատած է Թուրքիան՝ յայտարարելով, որ Թուրքիայէն հազարաւոր զինեալներ կ՛անցնին Սուրիա եւ կը միանան ՏԱԷՇին:


Թուրքիոյ մէջ նախընտրական արշաւի ընթացքին այս գծով լուռ մնացած Օպամա քննադատութիւնը հնչեցուցած է ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:


Սուրիա եւ Իրաք օտարազգի կռուողներու մուտքը արգիլելու հարցին մէջ յառաջընթացի մասին խօսող Օպամա նշած է, որ տակաւին հազարաւոր կռուողներ կը մտնեն Սուրիա եւ հոնկէ կ՛անցնին Իրաք:

<<Անշուշտ բոլորին մուտքը կարելի չէ արգիլել, սակայն անոնցմէ շատերը կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել՝ աւելի լաւ համակարգման եւ թուրք-սուրիական սահմանը աւելի լաւ հսկելու միջոցով: Թրքական մարմինները այդ հարցին ծանօթ են, սակայն անհրաժեշտ միջոցառումները բաւարար չափով չեն գործադրուիր: Եթէ օտար կռուողներուն մուտքը նուազեցնենք, պիտի կարենանք շրջանին մէջ <<Իսլամական պետութիւն>>ը մեկուսացնել ու տկարացնել>>, ըսած է ան:


comments

Advertisement