Պաքուի մէջ Էրտողան եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին

By Asbarez | Tuesday, 16 June 2015

0616erdo Putin

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Պաքուի մէջ կայացող Եւրոպական խաղերու բացման արարողութեան մասնակցած Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին երկկողմանի հանդիպում մը ունենալով, քննած են զանազան նիւթեր, որոնցմէ գլխաւորները եղած են Սուրիոյ հակամարտութիւնն ու ուժանիւթի մարզէն ներս համագործակցութեան կարելիութիւնները:


Թրքական <<Էն.Թի.Վի.>> կայանը հաղորդած է, որ Անգարա վերադարձի ճամբուն վրայ Էրտողան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսած է, որ Փութինի հետ խօսած է նաեւ այս տարի Փութինի կատարած հրապարակային յայտարարութեան մասին, ուր վերջինս օգտագործած էր Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը:
<<1915ի դէպքերու նիւթն ալ քննարկեցինք: Այս առումով, Փութին ըսաւ, որ մէջբերած է Խորհրդային Ռուսիոյ ժամանակաշրջանէն օգտագործուող արտայայտութիւններէն: Ան նաեւ ըսաւ, որ յայտարարութիւնը ներքին լսարանի համար էր>>, պնդած է Էրտողան:


comments

Advertisement