Միջազգային դաշինքը տասը տարուան պէտք ունի՝ «Իսլամական Պետութիւն»ը ոչնչացնելու համար

By Asbarez | Wednesday, 17 June 2015

0617Odierno

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու ղեկավար Ռէյմընտ Օտիեռնօ <<Սի. Պի.Էս.>> պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքը <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորումը ոչնչացնելու համար պէտք պիտի ունենայ մինչեւ տասը տարուան:

<<Այս խնդիրներուն լուծման համար թերեւս պահանջուի երեք, հինգ, եօթը, տասը տարի: Կարելի չէ զայն ոչնչացնել մէկ գիշերուան ընթացքին>>, ընդգծած է զօրավարը:

Ըստ անոր, ահաբեկիչներու չէզոքացման մէջ գլխաւոր դեր պէտք է կատարէ Իրաքի կառավարութիւնը, <<իսկ իրենք միայն կրնան անոնց օգնել>>:

Փենթակոն նաեւ յայտարարած է, որ <<Իսլամական պետութիւն>>ը սկիզբը չէր զգուշանար միջազգային դաշինքէն, նոյնիսկ դիրքերը կը նշէր իր դրօշակներով, իսկ այժմ փոխած է մարտավարութիւնը ու կը պահուըտի բնակչութեան մէջ։

 


comments

Advertisement