Քիւրտ երեսփոխաններ կը սպառնան այլ խորհրդարան հաստատել

By Asbarez | Wednesday, 11 May 2016

 

0511Baydemir


ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, դատապարտելով երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը խլելը դիւրացնող օրէնքի վաւերացումը՝ սպառնացած էր, որ ժողովուրդը <<ուրիշ խորհրդարաններ եւս կրնայ կազմել>>։

Նոյն կուսակցութենէն այլ երեսփոխանի մը կողմէ խորհրդարանէն <<անջատուելու>> մասին սպառնալիք մը եւս եկաւ Մայիս 9ին։ Արդարեւ, Ուրֆայի երեսփոխան Օսման Պայտեմիր ըսաւ. <<Մենք կը փափաքէինք, որ Անգարայի խորհրդարանը քիւրտերուն, թուրքերուն, արաբներուն, պարսիկներուն եւ բոլորին խորհրդարանը ըլլար։ Բայց այդ դուռը քիւրտերուն դիմաց գոցուեցաւ>>, եւ աւելցուց, թէ այժմ քիւրտերը պիտի պարտադրուին այլ խորհրդարան մը կազմելու։

Պայտեմիր ապա քրտաբնակ շրջաններէ նկարներ ցոյց տալով՝ ըսաւ. <<Այսօր, երբ մենք կ՛ողբանք այդ տարածքներուն վրայ պատահած բախումներուն, աւերներուն, մահերուն համար, Թուրքիոյ արեւմտեան կողմի բնակիչներուն 50-60 առ հարիւրը <<արժանի՛ են>> կ՛ըսէ>>։

 


comments